2015-02-06 11:08:14

7 Փետրուար 2015-ին` Նազարէթի մէջ ընտանիքի մասին գիտաժողով


(Ռատիօ Վատիկան) Նազարէթ – Շաբաթ` 7 Փետրուարին Նազարէթի Աւետման եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած է գիտաժողով մը ընտանիքի մասին` որպէս նիւթ ունենալով ‘’Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ’’ ։
Ժողովը կը գլխաւորէ կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսերի` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ընդհանուր քարտուղար։ Վերոյիշեալ ժողովին նպատակն է դրական պատասխաններ տալ յառաջիկայ հոկտեմբերին կայանալիք եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ընտանիքի նիւթին մասին։
Գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ, ինչպէս նաեւ Ս. Երկրի համայնքապետերը։
Կարդինալ Պալտիսերի Երուսաղէմ կը հասնի` 6 Փետրուարին, ուր անմիջապէս հանդիպում կ’ունենայ ս. Երկրի կղերին ու ընտանիքներուն հետ։ Ապա բացումը կը կատարէ ''հիւրընկալութեան նոր տունի'' մը։ Յաջորդ օրը, գիտաժողովին ընթացքին, Ան պիտի պարզէ հոկտեմբեր ամսոյն ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի աշխատանքային նախապատրաստական ընթացքը։ Հուսկ կիրակի` 8 Փետրուարին պատարագ պիտի մատուցանէ, որուն ընթացքին սարկաւագ մը եւ խումբ մը քահանաներ պիտի ձեռնադրէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.